2012-09-10 12:28:37

Հայաստան Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան` Պոլսոյ Մէջ։


Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը երէկ Պոլսոյ մէջ նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը, երբ հանդիսացաւ ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականի ախոյեան` երրորդ անգամ ըլլալով:
Հայրենի կազմը, իր կատարած վերջին մրցումին, լաւ դաս մը տալով Հունգարիոյ եւ արձանագրելով 2,5 – 1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը տիրացաւ ոսկի մետալին: Արծաթ մետալին տիրացաւ Ռուսիա, իսկ պրոնզ մետալին Ուքրանիա:
Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու Բաժնի Անձնակազմի Շնորհաւորութիւնները Հայրենի Կազմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.